Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/24

Այս էջը հաստատված է

որ ազգին ծառայութեան կոչուած այնթապահայերու թիւը երբեւէ պակսելու չէ։


ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Կար ժամանակ, որ ոմանք կը կարծէին թէ հայրենակցականներու գոյութիւնը ժամանցուած է։ Կան մեծանուն կազմակերպութիւներ, կը բաւէ անոնց գոյութիւնը։

Բայց այսօր, երբ նոյնիսկ հայրենի հողին վրայ կը վկայենք գոյառումը Հայրենակցականներու, կու գանք հաստատել, որ Հայրենակցականները այսօր եւս ունին կատարելիք դեր։ Անոնք ի մի կը բերեն երկրի մէջ ծնածներուն յուշերը, համն ու բուրմունքը, հայրենակցականները հաւաքող ուժ են, մեզի կը յիշեցնեն երկիրը։ Զանգակ են, կ՚արթնցնեն, կը յուշեն, կը մեկնաբանեն։

Այդ չէ՞ պատճառը, որ փրոֆ. Գէորգ Սարաֆեանը հազար նամակ յղելով այնթապահայերու եւ 2000 ժամ տրամադրելով հեղինակեց ու խմբագրեց Այնթապի հայոց պատմութեան երկու ստուար հատորները, զանոնք վերածելով անլռելի զանգակատան։

Ի զուր չէր, որ փրոֆ. Սարաֆեանի այս գործին օժանդակեցին Բաբգէն կաթողիկոսն ու Վահան Քիւրքճեանը, Վեր. Եղիա Քասունին եւ Փառէն Եպս. Մելքոնեանի կողքին՝ Պէյրութէն Լեւոն Զէնեան, Վեր. Տիգրան Խրլոբեան, Լեւոն Նազարէթեան, Բիւզանդ Թիւթիւնճեան, Եագուպ Ուստագարայեան ու Հալէպէն՝ Տ. Կարապետ Քհնյ. Նալպանտեան, Աւետիս Գալէմքեարեան, Դուրէն Եաղսըզեան, Գէորգ Պարսումեան, Գէորգ Ներսոյեան, Գրիգոր Պօղարեան։

Փրոֆ. Գէորգ Սարաֆեանի աշխատանքը կը մնայ պատկառելի գործ, սերունդներու երախտագիտութեան արժանի։

Վերջին անունները նպաստած են հրատարակութեան գործին։

Նոյնպէս մեծարժէք գործեր են ինչպէս Տ. Ներսէս Պապայեանի յուշերը, նմանապէս իր որդւոյն՝ Երուանդ Պապայեանի Այնթապի հայերու պատմութեան մեծղի Գ. հատորը իր այլ գործերու կարգին։

Չենք կրնար չյիշել բանաստեղծ ու պատմաբան՝ Լեւոն