Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/34

Այս էջը հաստատված է

բարեկամ ժիրայր Մուրատեանը, կինն ու աղջիկը՝ Ալինը, որ չորս զաւակներու մայր Է հիմա։ Վշտացած Էին, նոյնիսկ ընդվզած, որ նման դէպք մը պատահեր է ինծի հետ։ Լաթաքիայէն Ամերիկա մեկնիլ աճապարող Յակոբ Ադամեանը, իր տիկնոջ ու քենիին անունով բարի մաղթանքներ փոխանցեց ինծի։

Հալէպէն՝ բարեկամս՝ Ներսէս Տաղլեանը նոյնպէս բարի մաղթանքներ յղեց իր ու տիկնոջ անունով։

Նոյնպէս ջերմագին մաղթանքներ ըրին Յովհաննէս Մալատչալեանը, Սարգիս Պալապանեանը (Ժիրայր Իսկէնեանի անունով) եւ Աւետիս Մատեանը..., տղաք, որոնց միշտ կը հանդիպիմ։

Խոր տագնապով համակուած էր Սարգիս Շէօհմէլեանը, ինչպէս եւ իր զաւակը՝ Կարօն, որուն պճլիկ աղջկան բերնին մէջ հայերէնը երգ մըն է միայն։ Օրինակ այդ պճինկօն ինծի հարց կու տայ.

— Տոքթոր, դուն կերակուրը բերանդ բա՞ց, թէ գոց կ՚ուտես։ Պէտք է գոց ուտես ...:

Զանգեց նաեւ Աբրահամ Խնկիկեանը, չհաւատալով պատահած արկածին: Առաջին օրերուն հնչեց նաեւ Երէցեան մեծ գերդաստանին պատկանող Անի Մօրաքին ձայնը, որ յուզումնախառն ձայնով գոչեց.

— Տոքթոր, եթէ քեզի բան մը ըլլայ, իմ դամբանականս ո՞վ պիտի կարդայ...:

Լոնտոնէն դասընկերս՝ Մարգար Սարաֆեան յայտնեց.

— Թէեւ ես կրօնամոլ չեմ, բայց հակառակ ատոր, մեր նախահայրերուն պէս ծունկի եկայ ու աղօթեցի քեզի համար...։ Պատասխանս ՝ գիտնայի, աւելի շուտ կ՚իյնայի տանիքէն...

Յաջորդ զանգերուն աղջիկս՝ Անին պատասխաներ էր եւ Մարգարը ըսած էր, թէ «Թորոսը մեր ընկերներուն համաստեղութեան մէջ ամենափայլուն աստղն է ու պէտք է շարունակէ փայլիլ...»:

Բազմիցս զիս այցելեցին թոռնիկս Նանորը, իր ամուսինին՝ Կարոյին հետ։ Երկուքն ալ հայ երգի սիրահարներ։ Անոնց տունը կը յորդի երաժշտութեամբ։ Ինծի համար մեծ հաճոյք է զիրենք լսելը։ Սիրով կը մտածեմ, որ իրենք պիտի ըլլան առաջին ծոռնիկս պարգեւողները ինծի։

Սան Խօսէէն Նազարեան ընտանիքը, Պալապանեան ընտանիքը, իրենց ամբողջ կազմով մաղթանքներ յղեցին ինծի։