Չմոռնամ շեշտելու, որ աւագ՝ առաջին թոռնիկս բանաստեղծուհի Նուշիկ Միքայէլեանը, բազմաթիւ անգամներ գլգլալով ոչ միայն բարին մաղթեց, այլ չհաւատաց հիւանդ ըլլալուս եւ ըսաւ.
— Դուն եւ հիւանդութիւնը հականիշներ էք, չեմ հաւատար հիւանդ ըլլալուդ:
Արկածիս ամբողջ ընթացքին, կողքիս է այն աղջիկը, որուն սիրահարուած կը մնամ 55 տարիներէ ի վեր։ Իր մէկ խօսքը չլսեցի... Արմիկս ըսած էր «Թորոս, այս աստիճաններով մի՛ երթեւեկեր...»:
Չանսացի իր խօսքին ու ... ինկայ։
Առակս ցուցանէ. «Ով մտիկ չըներ իր կնոջ խօսքին, թաւալգլոր կ՚իյնայ եւ որպէս արդիւնք, ոչ միայն ինք կը տառապի, այլ կը տառապեցնէ նաեւ իր կողակիցը»։
Կրկնելու գնով վերստին կը հաստատեմ, որ աղջկանս Անիին ծառայութիւնը շատ մեծ է... Նոյն օրն իսկ փութաց ու եկաւ Հայաստանէն։ Ահա թէ ինչու աղջիկ ունենալը օրհնութիւն է։
Անշուշտ թէ տղաս՝ Արան ընտանեօք, առաջին վայրկեանէն հասաւ ինծի, յաճախ կրկնելով.
— Հայրի՛կ, վաղանցուկ երեւոյթ է, շուտով ամէն ինչ լաւ կ՚ըլլայ...:
Որքան ուրախ էի, որ մեր ժամանակներու գեղանկարիչ վարպետներէն Յակոբ Յակոբեանն ու գեղանկարչուհի տիկին Երեւանէն զիս փնտռեցին, զանգեցին եւ հաւատացուցին, որ անպատճառ պիտի լաւանամ:
Օրհնութեան պէս հնչեց իրենց ըսածը:
Մանկութեանս ընկերներէն Ենովք Կրպոյեանին զաւակը՝ Սարգիսը Երեւանէն քանիցս զանգեց ըսելով.
— Քեզ կորսնցնելը արգիլուած է։ Կրպոյեան գերդաստանը տարածուած է մինչեւ Ամերիկաները, բայց մեծամասնութիւնը անոնց կը մնայ Երեւան, ուր իրենց տուները իրենց ձեռքերով կառուցած են։ Բոլորը ուսեալ ու ձեռներէց երիտասարդներ։ Սարգիսին զաւակը այս տարի մուտք գործեց Երեւանի Ամերիկեան համալսարան: Ասոնք բոլորը, Ամերիկայէն Երեւան առողջութիւն մաղթեցին ինծի։
Պէտք չէ մոռնամ յօրինող, երգահան Աւետիս Պէրպէրեանի խիստ քաջալերական ու ջերմ խօսքերը։