Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/36

Այս էջը հաստատված է

Յաճախակի մաղթանքներով հետս խօսեցաւ։ Վիպագիր է Գրիգորեանը։ Մաղթանքներ ստացայ նաեւ, իր ընկերներէն, որոնք մշակոյթի մարդիկ են: Ահա հակիրճ այն պատմութիւնը, զոր կրցայ թելադրել աղջկանս՝ Անիին, որուն համար շնորհակալ եմ։

Ի՜նչ լաւ է որ այս բոլոր ցաւերս չտեսաւ մայրս...

Կարծեմ ամբողջականի մօտ պատկեր մը եղաւ: Այսուհետեւ արձանագրութիւնները կը կատարենք օրը օրին:

Չմոռցած աւելցնեմ նաեւ, որ Պէյրութէն երիցս ինծի զանգեց մելգոնեանցի էնժինէր Զաւէն Ղարիպեանը։ Նաեւ մելգոնեանցի՝ Ասատուր Մեսրոպեանը, որ պատանեկութեանս ընկերն է։ Առաւելութիւն մը ունի՝ խարբերդցի է։ Պոսթոնէն զանգեց կնոջս եղբօր որդին՝ Տիգրան Մարտիրոսեանը եւ իր ու ընտանիքին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց։ Այդ զանգերը կրկնուեցան:

Երիցս զիս այցելեցին տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ժագլին Յարութիւնեանները, որոնք կ՚ուզէին որ ես երգեմ, «երգը բուժիչ է» ըսին։

Ինծի համար մեծ անակնկալ մը ըրաւ Երեւանի ուսանողական ընկերներէս Զատիկ Գուշեանը, որ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հ.Ե.Ընկերակցութեան սկաուտական շարժումէն մէկ ու կէս տասնեակ երիտասարդներով եկաւ մեր տուն: Ես անոնց խօսեցայ այն մասին, որ ես անկոտրում հաւատք ունիմ հայ երիտասարդութեան հանդէպ։ Եթէ մեր սերունդը սնունդ առաւ Եղեռնի պատմութիւններէն եւ կամ մեծ հայրերու հէքիաթներէն, ապա այսօրուան սերունդը զինուած է գիտութեան նորագոյն գործիքներով եւ խօսքերով, որոնց միջոցաւ կընայ հրաշքներ գործել։ Կամենալը կարենալ է։ Իմ խորհուրդս է՝ հաւատալ նոր սերունդի ստեղծագործ ոգիին: Երիտասարդները անհատ առ անհատ շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ սկաուտական բարևի կեցան իմ դողդոջ մատներուս դէմ: Դէպքը մխիթարական էր ինծի համար: Անոնց խօսքերը երդումի նման հնչեցին:

Ապու Պաշշարը եւ իր տիկինը քանիցս խնդրեցին որ այցելեն մեզ վասն մխիթարութեան, բայց քանի որ եկողները մեծաթիւ էին, առկախեցինք հարցը: Վերջապէս առիթը ստեղծուեցաւ։ Մեր դրացիները երկուքն ալ ուսուցիչներ եղած են ու հեզահամբոյր մարդիկ են։

Անոնք քանիցս մեզի յիշեցուցած են, որ եթէ մենք մեր բնակած տունէն յանկարծ հեռանանք, իրենք եւս կը հեռանան: Ահա այսպիսի