Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/39

Այս էջը հաստատված է

եւ փոխադարձաբար Արմէնին գրած նամակները Լեւոնին: Ուրախալի լուր էր:

Մեզ այցելեցին Հ.Բ.Ը Միութեան նախորդ ատենապետ՝ Մելքոն Շամամեանն Զատիկ Գուչեանը։ Հաճելի խօսակցոսթիւն ունեցանք:

Ապրիլ 16, 2008

Օրեր առաջ, երբ այցելութեան եկած էին Երուանդ Ճեպեճեանն ու իր ազնիւ տիկինը՝ Հերմինէն, որոնց ընկերակցած էր քաղցր ձայն ունեցող Մամի Արոյեանը, եւ ուր ներկայ էր նաեւ Ճեպեճեաններու խնամի Յովհաննէս Էքմէքճեանը, որ օր մը առաջ հեռաձայնով հարցուցած էր, թէ ինչո՞վ կրնար զիս ուրախացնել: Ես պատասխանած էի, որ անցեալին լաւ պատմութիւն մը գրած էր, նոր պատմուածքով մը կրնար զիս գոհ ձգեր: Յովհաննէսը կատարած էր իր խոստումը: Կարդաց իր գրածը ել բոլորս ուրախացուց: Նոյն խնդրանքը ներկայացուցած էի բանաստեղծ Յարութ Վարդանեանին (Յարվարդ), որ նոյնպէս կատարած էր խոստումն ու թոռնիկիս՝ Նանորին յանձնած նոր գրած քերթուածը:

Երկու գրութիւններն ալ կ’ուզեմ ներկայացնել:


ԱՐԱԳ ԽՈՍՏՈՒՄ

Հազուագիւտ են այն առատախօսները, որոնց հաճոյքով կը լսես։

Հազուագիւտ են այն առատախօսները, որոնք երկար խօսելով հանդերձ որակի անկում չեն արձանագրեր իրենց արտայայտութիւններուն մէջ։

Հազուագիւտ են այն առատախօսները, որոնց յաջորդող սակաւախօսներուն խօսքը երկար կը թուի։

Ահաւասիկ այդ հազուագիւտներէն մէկն է, Մեսրոպի ծառայ, գրող, մտաւորական (ամէն գրող մտաւորական չէ), ազգային գործիչն ու երբեմն ալ բժիշկ Թորոս Թորանեանը։

Վերջերս կը լսեմ, որ ան ծանր հիւանդ է, ութսունի մէջ եղող մէկու մը համար բնական է կ՚ըսեմ, որպէս առաջին հակազդեցութիւն լսածիս, սակայն կը պնդեն թէ լուրջ է վիճակը, ուստի կը նեղուիմ, որպէս երկրորդ հակազդեցութիւն։