Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/40

Այս էջը հաստատված է

Քանի մը օր ետք կը հանդիպիմ Արա Թորոսի Թորանեանին, շնորհալի երիտասարդ դերասանին, որ կը շտապէր հասնիլ թատերական իր ամենօրեայ փորձերէն մէկուն։

― Բարեւ, Արա,― կ՚ըսեմ,― ինչպէ՞ս եղաւ հայրիկը։

― Փառք Աստուծոյ, լաւ է։

― Լաւ ուրեմն, վաղը կը զանգեմ եւ կը խօսիմ հետը։

― Յաջորդ օրը կը զանգեմ։ Յոգնած բայց յստակ ձայն մը կը լսեմ։

― Այո:

― Բարեւ, տոքթոր, անցած ըլլայ։ Յովհաննէսն է խօսողը։

― Այո, Յովհաննէս, լա՞ւ ես, ընտանիքդ, զաւակներդ լա՞ւ են։

― Տոքթոր, ես զանգեցի, որ ձեր որպիսութիւնը հարցնեմ։ Մերինները բոլորն ալ լաւ են, ձեռքդ կը համբուրեն։

― Շնորհակալ եմ, Յովհաննէս, ես լաւ եմ, փառք Աստուծոյ, շուտով ոտքի կ՚ելլեմ։

― Շատ լաւ, շատ բարի,― կ՚ուրախանամ, կ՚ուզեմ կրճատել խօսակցութիւնը,― լաւ տոքթոր, եթէ բանի մը պէտք ունենաս, մի տաամսիր, պահանջէ։

― Այո, ունիմ,― կ՚ըսէ բժիշկը, հետաքրքրութիւնս լարելով,― կ՚ուզեմ որ այսօր իսկ պատմուածք մը գրես, անպայման, կը խոստանա՞ս...

Ակնթարթի մը մէջ առանց մտածելու։

― Այո, կը խոստանամ,― կը պատասխանեմ, ինչպէս որ մէկը առանց մտածելու կը վազէ հիւանդին դեղ բերելու։

Իսկապէս, ամէն հիւանդ իր հիւանդութեան համեմատ դեղեր կ՚ընդունի։ Այս մարդուն բժիշկ Թորոս Թորանեանին սնունդն ու դեղը եղած են հայ լեզուն ու գրականութիւնը։

Այս մարդուն մարմինն ու հոգին մնացին անարատ, որովհետեւ ան կը սնանի միայն Մեսրոպեան տառերով։

Բարի ապաքինում բժիշկ։

Խոստումս կատարեցի։

4.4.2008 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ