Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/41

Այս էջը հաստատված է
ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ


Արդէն իսկ ապաքինած
Մեծն Թորոս Թորանեանին

աստղերուդ չափ չսիրես
միայն գիշերը կը փայլին
երկինքը գուցէ եւ առտու
հանէ կապոյտը վրայէն

թափթփող տերեւներուս
ցրւումին նման չսիրես
անտառս լոկ այնտեղ չէ
որ քամիին կը մերկանայ

ոչ ալ սիրէ ծովեզրի
աւազահատիկներուս չափ
օգոստոսէդ առաջ ու յետ
կը կիզեմ քեզ - կիսամերկ ես

ես աստղերդ կը պարփակեմ
տերեւներով անեղանակ
սիրէ զիս մերկ եդեմօրէն
աւազաժամէ անջատ

ՅԱՐՎԱՐԴ 08

...Յարվարդի հայրը՝ կարպիս Վարդանեան, յաճախակի հետքրքրութիւններով անձիս առողջական վիճակին մասին, զիս ուրախացուցած էր։

Անակնկալ չէր քրոջս՝ Մաքրուհիին գանգը Միացեալ նահանգներին, Յուզուած էր, բայց լաւատես։

Այդ բոլորը ինծի համար աշխարհ մըն էր:

Քոյրս որոշած էր վերջնականապէս մեկնիլ Հայաստան: Ուրեմն