Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/44

Այս էջը հաստատված է

Զանգը հնչեց։ Չինաստանէն խօսողը մելգոնեանցի Ճէք Մըխսեանն էր, որ իր եւ իր չինացի կնոջ անունով բարեմաղթութիւններ կ՚ընէր, աւելցնելով թէ իրենց կը միանար Երջանիկ Սամուէլեանը՝ Հանգ–ծուէն։


Ապրիլ 17, 2008

Անդադրում զանգերէն մէկն ալ հնչեց։ Խօսողը Հայաստանի սփիւռքահայ նախկին ուսանողներէն մէկն էր։ Աշխոյժ, ընտանեօք ազգին նուիրուած տիպար ընտանիք մը։

Արթինեանին հօրը հետ ծանօթացայ, երբ Պէյրութ կը բնակէի։ Տղան՝ Յովսէփը, իր կեանքին բոլոր օրերը նուիրած էր հայ ազատագրական պայքարին, որուն մէկ համեստ զինուորն էր իր կարգին: Մէկ խօսքով Յովսէփը կը պատկանի տեսլապաշտ այն տղոց փաղանգին, որոնք մահը աչք առած, նուիրուեցան այս սուրբ պայքարին: Ասոնք անոնք էին, որ «Ոչ» ըսին ստրկամտութեան... Չկարծէք թէ Հալէպի մէջ հեռախօս չկայ: Հալէպէն ալ լսեցի տասնեակներով ձայներ: Այսօր ինծի փութեռանդ առողջութիւն կը մաղթէր Սալբի Գասպարեանը, որ մեր հայ լրագրութեան մէջ անուն մըն է այսօր։ Խիզախ, ըսելիքը շիտկէ-շիտակ ըսող աղջիկ մըն է ան, որուն ոճը ոչ բոլորին կողմէ կը գնահատուի։ Բայց ան իր ըսելիքը ըսած կը’լլայ, ինչպէս կըսէ Արմէն Յարութիւնեանը։ Մենք տարագրութեան մէջ պէտք ունինք ոչ թէ ողոքողներու, այլ խիզախ ախտաճանաչումներ կատարողներու։ Անոնցմէ մէկն է Սալբին։

Չմոռնամ ըսելու, որ առաւօտս բացուեցաւ Նուշիկին մէկ հարցումով.

— Պապի ջան, ո՞նց ես...

Նոյն հարցը եկաւ քրոջմէն՝ Նանորէն։

— Պապի, այսօր մենք միասին պիտի ճաշենք, Կարոյին հետ:


Ապրիլ 18, 2008

Մէկ անգամ տեսած էի այս երեւանցի հայուհին Հալէպի մէջ: Գիրքերէս մէկը մակագրած էի իրեն: Եվ ահա իր կողմէ հեռախօսազանգ մը ինծի Երեւանէն, ուր քաջառողջութիւն կը մաղթէր։

Ահա պարզ գիրքի մը առիթով յարգալիր եւ ուշադիր վերաբերմունք: