Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/47

Այս էջը հաստատված է

լաւ դասախօս է: Ան տարիներով դասախօսած է Լիբանանի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, շարունակելով իր ուսուցիչներուն՝ Նիկոլ Աղբալեանի եւ Լեւոն Շանթի գործը։ Ահա, ասոնց շարքին կրնանք ըսել որ ինք մեր Սասունցի Դաւիթ ժողովրդային բանահիւսութեան մեծ ծառայութիւն մատոյց, այս նիւթին շուրջ դասախօսելով տասնամեակներ։

Կը տեսնէք նիւթերու զանազանութիւնը: Դուք որոշեցէք անոր տեղը մեր իրականութեան մէջ: Գր․ Շահինեանը դոկտորական տիտղոսին արժանացած է թէ Փարիզէն, թէ Երեւանէն: Անշուշտ, այս միջոցին, երբ կը խօսիմ իր մասին, պէտք է ըսեմ թէ իմ արկածիս առիթով ցնցուած էր Գրիգորը եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց։

Զանգեց Միհրան Մինասեանը, թէ իր կինը Այտա Մինասեանը հրատարակած է քանի մը մանկա-պատանեկան գիրքեր։ Ասիկա մեծ ուրախութիւն պատճառեց ինծի։ Նման ընտանիքներու մէջ է, որ մեր նոր ժմնող երեխաները կը մեծնան հայրենասիրական ոգիով։ Այտա եւ Միհրան Մինասեաններուն երկու դուստրերը ասմունքողներ են։

Զանգեց ակնաբույժ Մինաս Ադամեանը, որուն մէկ խօսքը զիս յուզեց։ Ան ըսաւ․ «Թորոս, ջանս, շուտ աղէկցիր, որպէսզի ես չհիւանդանամ»։ Գիտեմ, անկեղծ էր։


Ապրիլ 20, 2008

Ամերիկայի Պոսթոն քաղաքէն ինծի այցելութեան եկաւ կնոջս քեռորդին՝ Ատոմ Ֆերմանեանը։ Ան, ատենին երբ Երեւան ուսանող էի, ինծի նամակներ կը յղէր Ափրիկէէն ըսելով․

— Թորոս ջան, շաբաթը անգամ մը դուռս կը զարնես։ Ուրախութեամբ կը բանամ․․․ Եղածը ի՞նչ է, գիտէ՞ք։ Ան Ափրիկէի մէջ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» թերթին հետեւորդ մըն էր։ Ուստի ըսուածը թարգմանեցէք՝ շաբաթը անգամ մը ես քու յօդուածներդ կը կարդամ։ Իրարու արեւշատութիւն մաղթեցինք, իր կինը ամերիկուհի է։ Չեմ գիտեր, թէ իրենց զաւակները որքան ալ տիտղոսներ ունենան հայութեան պիտի կարենա՞ն ծառայել։


Ապրիլ 22, 2008

Զանգած է Զաւէն Հալէպլեանը։ Ափսոս, քնացած էի։ Հիմա