Էջ:Պատիւ Այնթապահայութեան եւ․․․ խօոք արկածահարեալէս, Թորոս Թորանեան.djvu/53

Այս էջը հաստատված է

կրելու։

Վերադառնամ «յաճախ»ին։ Յաճախ կը լսենք քու արտասանած բառերդ «Վերջացուր գիրքդ, տպեմ», կամ, «Գրէ, ես կը տպեմ»... եւ այս խօսքը քու կողմէդ շատ շատերուն կ՚ուղղուի, վկայ քու արդէն իսկ հրատարակած ոչ հեղինակային գիրքերը:

Քաջալերել բոլորը, քու կողմէդ չյայտարարուած սկզբունք մը, որուն կը հաւատամ, հաւատարիմ մնացած ես ամբողջ կեանքիդ ընթացքին։ Քեզի վայել այլ բառ մըն է «լաւատեսութիւն»ը: Քեզի պէս անուղղայ լաւատեսի շատ քիչ հանդիպած եմ, լաւ տոքթորս։ Հակառակ ամենօրեայ քեզի հանդէպ եղած անարդարութիւններուն։ Ի՜նչ լաւ է որ լաւատես ես, եւ մեզ ալ կը փորձես վարակել այդ լաւատեսութեամբդ։

Հապա ներողամտութի՞ւնդ։ Ի՜նչ շուտ մոռացութեան կու տաս, քեզի հանդէպ եղած ամէն վատ բան եւ ներողամտօրէն կը ժպտաս, կարծես դուն ներողութիւն խնդրելով, զարմանքի մատնելով հանդէպդ մեղանչողը։

Իսկ կամքդ, տոքթոր, ապառաժէ կամքդ, քեզ կ՚օժտէ անսահման համբերութեամբ, քեզ կը դարձնէ դիմացկուն, տոկացող. տոկացող ամէն ինչին մինչեւ որ յաղթահարես ամէն ինչ եւ թերեւս նաեւ ինքդ քեզ, պահելու, պահպանելու կեանքով շահած յատկութիւններդ։

Թոյլ պիտի չտամ գրելու ընտանիքիդ մասին, որուն մասին գրածներդ մէկ բան եզրակացնել կը ստիպեն։ ՀԱՍԿՆԱԼ, հասկնալ զաւակ բառին իմաստը, հասկնալ կին բառին իմաստը եւ ամուսին ըլլալու կերպը։

Ամէն անգամ որ քեզի այցելութեան գամ, կը մտածեմ, որ բան մը պէտք է գտնեմ, հիւանդի անկողնիդ մէջ քեզ մխիթարելու... եւ ամէն անգամ դուն կ՚ըլլաս զիս քաջալերողն ու մխիթարողը։ Այս ի՜նչ ուժի տէր արարած ես, Աստուած իմ։

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ գրեցի այս ամէնը քեզի։ Կարեւոր չէ։ Չեմ ալ ուզեր վերընթերցել գրածս, մոռցուած բան մը աւելցնելու կամ աւելորդ բառ մը ջնջելու համար։

Վերջակէտ կը դնեմ։ Վերջակէտ կը դնեմ, Աստուծմէ շնորհակալ ըլլալով, որ մեր ամէնուս համար տոքթորին նման հայ մարդ մը կայ մեր շուրջը, մեր կողքին, եւ որուն շրջանակը կ՚ընդլայնի ու կը տարածուի ընդգրկելու ամբողջ հայ աշխարհը, եւ որ նաեւ իմ բարեկամս