են իրենց հայրերուն 314 օր տեւող հերոսական կռիւները, որ յաղթական աւարտ մը ունեցած է, թէեւ երբ թուրքերը սպիտակ դրօշ պարզած են, բայց ֆրանսական պետութիւնը վասն իր շահին, Կիլիկիան Թուրքիոյ նուիրելուն, այնթապահայերը ստիպուած հեռացած են իրենց բնօրրանէն...
Ներկաներուն ներկայացուցած են հակիրճ կենսագրութիւնը օրուան պարտադրաբար բացակայ բեմախօսին։
Միութեան նուիրումով աշխատած Տիկ. Թագուհի Արզումանեանը խօսք առած է ներկաներու ծափահարութեան տակ։
Հայրենակից մը ունեցած է ըստ պատշաճի անգլերէն ելոյթ։
Պարգեւատրուած է բազմաշխատ հայուհի Աստղիկ Աւագեանը, որ յուզումով իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղած է ներկաներուն։
Յատուկ ելոյթով հանդէս եկած է միութեան երիցագոյն անդամ եւ պատուոյ նախագահ, բազում տարիներու ազգին նուիրեալ՝ Երուանդ Պապայեանը, որ շեշտած է նոր ժմնող հայ երիտասարդութիւնը հայ պահել հիւրընկալ այս ափերուն վրայ, աւելցնելով.-«Մենք, վերապրողներս կը մնանք հայ, կարեւորը նոր սերունդը հայ պահելն է»։
Մենք, ըսած է բանախօսը, ամէն տարի կը նշենք այնթապահայերու հերոսական, միասնակամ հերոսութիւնը, ինչու՞ համար, որպէսզի մեր յետնորդները եւս հայ մնան եւ հպարտանան իրենց հայրերուն, մեծ հայրերուն հերոսական պայքարներով։
Պրն. Երուանդ Պապայեան խօսելով այնթապահայոց հայ դպրոցին հանդէպ ցուցաբերած մեծ յարգանքին մասին, խօսած է Երեւանէն ոչ շատ հեռու Նոր Այնթապ աւանի երկու երկրորդական վարժարաններուն մասին, որոնցմէ մէկը անուանած է ժեներալ Գարամանուկեանի եւ երկրորդը՝ Տէր եւ Տիկին Մարգարեաններու անունով։
Այնթապահայը գիտցած է դպրոցներ կառուցել երէկ՝ Այնթապի մեջ, այսօր ալ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ։
Ներկաներէն Սիրվարդին դուստրը ասմունքած է Գէորգ էմինի «Մենք խուլ ենք կիսով» բանաստեղծութիւնը, աւելցնելով