Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/154

Այս էջը սրբագրված է

մտաւորականութիւնը Կովկասի բոլոր գործերու վրայ։

Աչքի կիյնային Թիֆլիսի սպանդանոցը իր սառցարաններով որ, ըստ գերմանական սիստեմի, կառուցած էր հայ ճարտարապետ Օհանջանեանը, էլեկտրակայանը, որ կառուցած էր նոյնպէս հայ ճարտարապետ Նալբանդեանը, գետնայարկ ուղին կառուցուած եղբօրս կողմէ, եւ ֆունիկոլեօրը (լեռնային երկաթուղի), որ կը տանէր Ս. Դաւիթ լերան գագաթը։

Արդար լինելու համար՝ ըսենք, որ ամբողջ Ռուսաստանի մէջ, Մոսկուայէն յետոյ Թիֆլիսի քաղաքային տնտեսութիւնը առաջինը կը համարուէր. հանգամանք մը, որ միշտ կը մատնանշուէր քաղաքային գործիչներու համագումարներու մէջ։ Ու պէտք է ըսել, որ գործին մէջ մեծ էր դերը Հայ քաղաքագլուխներու, քաղաքային գործիչներու, բժիշկներու եւ ճարտարապետներու: Թող այս հանգամանքն անգամ մըն ալ ապացոյց լինի, որ Հայ մտաւորականութիւնը ի վիճակի է ստեղծել ե՛ւ իր օրինակելի պետութիւնը։

Միայն գործի տեխնիքական կողմը չէր սակայն որ արժանի էր գնահատանքի: Երկար տարիներու ընթացքին, քաղաքային գործիչներու մէջ չպատահեցան կաշառակերութեան կամ վատնումի դէպքեր։ Եղան անշուշտ փոքրիկ շեղամներ ծառայողներու ընթացքին մէջ, բայց ատոնք այնքան հազուադէպ եւ այնքան աննշան էին, որ արժանի իսկ չեն յիշատակուկթեան։ Բոլորն ալ կը ծառայէին ազնուօրէն՝ իրենց գործին մէջ դնելով սէր եւ մաքրութիւն։