րութիւններ, ինչպէս նաեւ ազգային. մշակութային եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Նրկայ եղան նաեւ ուքրանացիներ եւ դաղստանցիներ՝ հրաժեշտ տալու իրենց պաշտօնակից եւ միեւնոյն ատեն պետական աքսորական դէմքի մը, որ համակ նուիրումով տրամադրուեցաւ իր ազգի արդար պահանջներու կենսագործման աշխատանքներուն։
2. ՔԱՂԱՔԱԳԷՏ-ԴԻԻԱՆԱԳԷՏԸ
«[Խատիսեան] ատեղծուած էր հասարակական– քաղաքական գործունէութեան համար»[1]։ Այսպէս կը հաստատէ իր ժամանակակիցներէն՝ Ս. Վրացեանը երթ կը խօսի Խատիսեանի բնաւորութեան, խառնուածքին եւ նկարագրին մասին։ Իրօք, Խատիսեանի քաղաքական գործունէութիւնն ու կեանքը կը վկայեն անոր քաղաքագէտի հմտութիւնն ու դիւանագէտի ճկունութիւնը:
Խատիսեան ունէր դիւանագէտի հոտառութիւն։ Իրատես էր կըմբռոնէր դէպքերու եւ իրերու հոլովոյթին եղանակն ու թափը։ Ստանձնած պատասխանատուութիւնները եւ պետական պաշտօնները կը ծառայեցնէր ժողովուրդին՝ անոր պահանջներուն ու կարիքներուն հասնելու նպա–
- ↑ «Յուշապատում Հ. Յ. Դաշնակցութեան 1890-1950 հրատ. Հ. Յ. Դ. Բիւրայի Դասըն, 1950, էջ 537: