«Վարչական քաղաքական խնդիրներէն կառավարութիւնը իրագործեր է միայն հետեւեալները. կազմակերպեր է Հեռագրական գործակալութիւն, (...) սահմաներ է հիւպատոսաբաններ Պաթում, Սոխում, Պաքու՝ յանձնարարելով ի Փարիզի պատուիրակութեան կազմակերպել ներկայացուցչութիւններ եւ հիւպատոսարաններ Եւրոպայի մէջ: Կազմակերպեր է տեղեկատու բաժին[...] իրազեկ պահելու համար իր բոլոր ներկայացուցիչները Հայկական գաղութներու եւ Հայաստանի կացութեան մասին։ Ստեղծեցց դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն Պարսկաստանի մէջ, ուղարկուեցաւ այնտեղ դեսպան[...]: Երեւանի մէջ կազմակերպուած է ընդունելութիւն շարք մը պատգամաւորութիւններու, որոնք Հայաստան կու գային ծանօթանալու համար այնտեղի դրութեան եւ առեւտրական կապեր սկսելու»[1]։
Արտաքին քաղաքականութիւնը յղի է անակնկալ եւ գահավէժ իրադարձութիւններով: Այդպիսի դժուարին եւ ծանր հարցերու բարւոք լուծումը կը վոտահուի Խատիսեանին։ Շնորհիւ իր քաղաքական հեռատեսութեան, հոտառութեան, ողջմտութեան եւ վճռականութեան՝ կը յաջողի ապահովել առաւելագոյն նպաստը եւ պայմանները՝ յօգուտ Հայաստանին եւ հայ ազգին։
- ↑ Ալ. Խատիսեան «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը», տպագրութիւն, ապարան համազգային, 1968, էջ 142։