Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/245

Այս էջը սրբագրված է

որովհետեւ անոր անուան հետ են կապուած ռուս բանակի փայլուն յաղթութիւնները կովկասեան ճակատին վրայ, ինչպէս Էրզրումի, Տրապիզոնի եւ Թրքահայաստանի հերոսական գրաւումները:

Զօր. Իւդենիչին հանդիպած եմ շատ անգամներ, որովհետեւ ան էր կովկասեան ճակատի փաստական հրամանատարը: Ծայրայեղ միապետական մըն էր իր համոզումներով։ Իրեն կը պատկանի թրքահայաստանը կողակներով բնակեցնելու գաղափարը: Կռւելով թուրքերու դէմ՝ ան կը մտածէր ոչ այն մասին, թէ այդ երկիրը կը պատկանի Հայերուն, այլ կը ձգտէր ստեղծել այդ հողամասերէն ռուսական երկիր մը ռուս ազգաբնակչութեամբ։

Որպէս զինուորական, զօրավարը տաղանդաւոր էր եւ յանդուգն։ Եթէ չլինէր բոլշեւիկեան շարժումը, մինչեւ այսօր ալ հայկական հողամասերը ազատ կը լինէին թրքական գերիշխանութենէն:

Շնորհիւ իր պահպանողական ըմբռնումներուն, Իւղենիչը ժողովրդականութիւն չէր վայելեր կովկասի ազգաբնակչութեան ու մանաւանդ Հայերու մէջ: Ան կը համարուէր հակառակորդ հայերուն եւ հայկական ազգային պահանջներուն։ Դէպի հայ կամաւորները Իւդենիշի վերաբերմունքը սառը քաղաքավարական էր, մինչդեռ միւս զօրավարները՝ Բարատովը, որ վերջերս մեռաւ փարիզի շէջ, Օգանովսկին եւ Չերնոզուբովը համակրական վերաբերմունք ունէին։

Իւդենիչը, ինչպէս ըսինք, տեսնելով անել կա–