Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/53

Այս էջը սրբագրված է

պէս նաեւ՝ Հ. Յ. Դաշնակցութեան դերակատարութեան եւ ռուս պետութեան յարափոփոխութեան մասին։ Հայ կամաւորական շարժումը դարձաւ մեր քաղաքական անկախութեան բանակի կորիզը, որուն շուրջ համախմբուեցան նորաստեղծ Հանրապետութեան քիչ թէ շատ զէնքի վարժ մարտիկները:

Ռուս քաղաքականութիւնը կը դրժէ իր խոստումները եւ կը պահանջէ հայկական վիլայէթները առանց հայու, որպէսզի ռուսացման իր քաղաքականութիւնը իրագործուելով՝ իրականանայ ընդարձակուելու եւ տաք ջուրեր հասնհլու իր պատմական նպատակը։

Հայկական կոտորածներու մասին կու տայ վիճակագրական տուեալներ եւ թուրք զօրավարներու մտածումները։ Հայկական ջարդերու մասին արտայայտուելով՝ էնվէր փաշան Ալ. Խատիսեանին կուղղէ հետեւեալ խօսքերը. «Զիս կանուանէին Հայ ժողովուրդի ջարդարար։ Ես անարդար կը գտնեմ այդ որակումը։ Երբ զօրքերու հրամանատարը յաղթականօրէն կը ջարդէ թշնամին եւ կոչնչացնէ միեւնոյն ժամանակ զոհաբերելով եւ իր զինուորները, զայն պատուով կընդունեն եւ յուշարձան կը կանգնեցնեն անոր համար։ Բայց երբ առանց մի թուրք զինուորի կորստի, ես ոչնչացուցի Թրքութեան թշնամի հայերը, զիս ջարդարար կանուանեն»[1]:

  1. Ալ. Խատիսեան «Քաղաքապետի մը յիշատակները» «Հայրենիք» ամսագիր, Ժ. Տարի, թիւ 12(120), Հոկտեմբեր 1932, գլուխ XI, էջ 158: