Էջ:Քաղաքապետի մը հիշատակները, Ալեքսանդր Խատիսեան.djvu/60

Այս էջը սրբագրված է

Գլուխ Ա.

ԹԻՖԼԻՍԸ

Հայ—վրացական յարաբերութիւններու վերաբերեալ շատ կարեւոր հարցեր ոչ միայն անցեալին մէջ, այլե, այսօր հասկնալի կը դառնան, եթէ ուսումնասիրենք Թիֆլիսի իւրայատուկ պսայմանները:

Թող չափազանցութիւն չըլլայ, ետէ ըսենք որ ապագային ալ, Հայ—վրացական յարաբերութիւնները մեծ մասով պայմանաւորուած պիտի ըլլան Թիֆլիսի քաղաքական եւ տնտեսական կազմուածքով, որպէս մէկ կողմէն վրացական մայրաքաղաքի, միւս կողմէն ամբողջ Կովկասի կեդրոնի։

Աւելի քան 125 տարի առաջ, Թիֆլիսը անկախ Վրաստանի թագաւորանիստ մայրաքաղաքն էր. այնպէս որ, վրացիների աչքին Թիֆլիսը իրենցն է՝ պատմական բոլոր տուեալներով: 125 տարի առաջ, Վրաստանը կորցնելով իր անկախութիւնը միացաւ Ռուսիոյ եւ Թիֆլիսը դարձաւ ռուսական քաղաք: Փոխարքայի բնակատեղին. այնպէս որ, ռուսներու աչքին, վարչական տեսակէտէն, Թիֆլիսը ռուսական քաղաք էր կեդրոնը ամբողջ Կովկասի:

Բայց եթԷ ի նկատի առնենք այն հանգամանքը, որ Թիֆլիսի 15 հազար շէնքերէն 11 հազարը կը պատկանէին հայերուն, որ բոլոր մեծ հիմնարկութիւները թատրոն, գրադարան, դրամատուն, խանութ կը պատկանէին Հայերուն, որ 300 հազար ազգաբնակչութենէն 120 հազար հայեր էին, 80 հազարը՝ վրացիներ, 70 հազարը ռուսներ եւ 30 հազարը՝ այ—