— Մենք կը գտնենք, որ անոնք մեղաւոր չեն։
Նախագահը կարծէց, թէ լաւ չէր լսած եւ նորէն կրկնեց հարցումը։ Բայց նորէն նոյն պատասխանը ստացաւ: Նախագահը կորսնցուց հաւասարակշռուիթիւնը եւ նորէն դիմեց տանուտէրին ըսեով, թէ ինչպէ՞ս կրնան մեղաւոր չըլլալ մարդիկ, որոնք ռումբեր կը պատրաստեն մարդ սպաննելու համար:
Տանուտէրը իր կողմէն չհասկացաւ նախագահին զայրոյթը եւ աշխատեցաւ համոզել զայն, որ մեղադրեալները չեն ուզած մարդ սպաննել, այլ ուզած են միայն սպաննել լրտեսներ եւ ոստիկաններ:
— Խելագարուե՞ր էք՝ ինչ է,— կը բացագանչէ նախագահը։
Բայց տանուտէրը կը պնդէ, թէ ամբաստանեալները մեղաւոր չեն, թէ՝ ինք կը հասկնայ իր ըսածը:
Դատական խորհուրդը յուզուած է, բայց այս պարագային ոչինչ կրնայ ընել, որովհետեւ դատական նիստերու ամէն անցուդարձ գաղտնի է եւ ամէն մէկ դատաւոր ազատ է իր խղճի առաջ։
Վերջապէօ, ձայներու մեծամասնութեամբ, մեղադրեալները դատապարտուեցան տաժանակիր աշխատանքներու:
Սակայն, դատաստանական պալատի նախագահը, օրէնքին հակառակ, ատեանի պատերէն դուրս բերաւ գաղտնիքը եւ յայտնեց Կովկասի Փոխարքային ու Փեթերպուրգի իշխանութեան:
Քանի մը օր անցած, քովս եկաւ Թիֆլիսի գաւառապետը եւ յայտնեց ինձ հետեւեալ մանրամասնութիւնները, ցանկալով ինձ տեղեակ պահել խնդրին,