— 10 —
— Այո՛։
— Շուտ ըրէ՛, հագուէ՛ ուրեմն։
— Հիմայ։
— Պապիկ աղան կը հագուի ու վեր կ՚ելեէ։
— Օօ՜՛ Պապիկ աղայ, անցած ըլլայ։
— Անցած ըլլայ Պապիկ աղա։
— Ինչպէս էք, Պապիկ աղա։
— Շնորհակալ եմ։
— Այս գիշեր ձեզի անհանգիստ ըրինք։
— Ընդհակառակն, գլխուս ցաւն անցաւ։
— Խօսեցէ՛ք նայինք, Պապիկ աղա։
Պապիկ աղա, հակառակ իւր կամաց կ՚սկսի խօսիլ։
Հիւրերը կը նստին այնչափ որչափ որ պէտք է Պապեկ աղային քունը բաւական հեռու հալածելու համար և կը մեկնին։
Պապիկ աղան բաժնուած իր քունէն՝ մինչև առտու հիւրերն անիծելով կը տքնի։
Ի՞նչ ընէ այս մարդն։
ի՞նչպէս կեանք վարէ քաղաքավարութեան այս զոհն։
Շարունակենք․
Պապիկ աղան ստիպողական գործ մը ունի և կ՚ստիպուի մէկ կողմէ գործին վազել և միւս կողմէ պանիր սւ հաց ուտել փողոցի մէջ։
Քաղաքավարռւթիւնը կ՚արգիլէ փողոցի մէջ անօթենալը։ Կ՚ուզէ բարեկամի մը խանութը մտնել և հոն ճաշել իր պանիրն ու հացը։
Քաղաքավարութիւնը միշտ կը պոռայ թէ՝ բարեկամի մը խանութը ճաշարան չէ։