Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/18

Այս էջը սրբագրված է

— 15 —


— Ոտքդ պագնեմ, Ստեփաննոս ադա, կ՚աղաչեմ, զօր մի ըներ, չօլուխ չօճուխի տէր եմ ես։

— Ատամ, Աստուած ողորմած է․ տիւշէշը իմ քովս է․․․ ահա դրի․․․։

— Խօսք չեմ կրնար կոր հասկցնել, ժամանալ չունիմ կ՚ըսեմ կոր էֆէնտիմ։

— Շէշպէշդ դիր նայիմ։

— Տէր ողարմեա, Տէր Ասաուած, մեղայ։

— Ժամանակ չունիմ, կ՚ըսես կոր, ժամանակ կ՚անցունես կոր, մինչեւ հիմայ լմնցուցած էինք խաղը․․․ շէշպէշդ դիր։

— Ես պիտի երթամ․․․ մնաք բարով։

— Գնա՛, պէ ատամ, գնա՛, առտուընէ ի վեր ես պիտի երթամ, ես պիտի երթամ, ես պիտի երթամ, գնա՛, գնա՛։

— Բարկանալու իրաւունք չունիք կարծեմ։

— Անանք բաներ կ՚ըսեսկոր ի մարդը կը ճաթեցնես կոր էֆէնտմիմ, մենք քեզի աս տեղ զինճիլով չենք կապած ա՛․ աս մէրէթը երկու բարթի կը խաղան, սովորութիւնն ասանկ է, չի պիտի խաղայիր նէ հիչ թող չխաղայիր, ամէն բան օրէնք մը ունի, կանոն մը ունի, րախիները կը խմեն ու չեն փախչիր ա՛, աֆ կ՚ընես ամա, ըրածներիդ քիչ մը պվայլեր։

— Պէ ճանըմ փոխանորդ մը ձգեմ երթամ։

— Ասոր աստեղը Պատրիարքարան չէ․․․

— Բարթի մըն ալ, բարթի մըն ալ Թորոս աղա կը կրկնեն քովը նստողները։