— 17 —
— Կը ցաւիմ որ․․․։
— Գոնէ Գում-Գափու իջի՛ր ու կէկէնիս ըսէ որ ան առնէ ու քեզի տայ որ բերես, բայց ստակը դուն տուր, եկէնիս քով պէլքի ստակ չի գտնուիր։
— Ժամն արդէն ութ եղաւ, Թորոս աղա, կ՚ըսէ ուրիշ մը, առնողն առաւ ծախողը ծախեց, ասկէց ետքը եթաս ի՞նչ պիտի ընես․ եկուր քեզի հետ բարթի մը թավլու խաղանք։
— Աս աւելի աղէկ կ՚ըլլայ, կը յարէ Ստեփաննոս աղան։
— Ոչ, ոչ, պէտք է որ երթամ, կ՚ըսէ Թորոս աղան և զբօսարանէն դուրս կը նետէ ինքզինքն երթալու համար․ շուկա՞յ․ —ոչ, առանձին տեղ մը գտնելու և քիչ մը հայհոյելու համար․ «Մշակ»ի խմբագրատունն գոնէ մօտ ըլլար․․․․․։
Շաբաթ օր է․ պիտի ածիլուի Գասպար աղան։
Սափրիչի մը խանութը կ՚երկայ։
— Սանկ շուտ մը կ՚ածիլե՞ս ինձի, և մազերս ալ կը կտրե՞ս։
— Ինչո՞ւ չէ։
Գասպար աղան կը նստի աթոռին վրա։
Սափրիչն ատենական գործողութիւնները կատարելէն ետկը կը սապոնէ իւր նոր յաճախորդն և կը դիմէ իւր զէնքերուն։
— Քեզի սա կ՚աղաչեմ որ ածելիդ սուր ըլլայ, որովհետև իմ մորուքս քիչ մը սէրթ է, վերջը դուն ալ կը չարչարուիս ես ալ։