Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/21

Այս էջը սրբագրված է

— 18 —

— Հանգիստ եղէք, կը պատաախանէ սափրիչը․ սուր ածելի մը ընտրելու երևոյթն ունենալով։

— Գիտնալու էք, որ բերտահ ալ չեմ ուզեր․ սանկ վրայէն թեթև կերպով անցնելու ձգելու է։

— Ճանըմ հոգ մ՚նէք, սափրիչ կայ սափրիչ ալ կայ, ածելիով սպասազինեալ կը մօտենայ Գաապար աղային։

— Շատ աղէկ։

— Գլուխդ սանկ դիր նայիմ։

— Դրինք։

Գարծողութիւնը կսկսի, սրուն անմիջապէս կը յաջորդէ արիւնհեղութիւնը։

— Կարեցիր եղբայրս, կամաց ըրէ քիչ մը։

— Պզտիկ չիպան մը կար հոն, ան արունեցաւ, չօլբա պէրպէրին թրաշ եղեր ես։

— Ասդին ալ կարեցաւ։

— Հոն ալ մազը ծուռ բուսեր էր, անանկ պէրպէր մ՚ունիս եղեր որ․․․․․։

— Ծնօտիդ վրա՞ն հապա․․․․․։

— Ծնօտդ կէրկի բռնեցիր տէ՛ անկից եղաւ։ Մի՛ վախնար դուն, ես զանոնք հիմայ քիչ մը բամպակով կը թխմեմ։

— Վազ անցայ, պապամ, հոգիս ցաւեցաւ, երեսս կրակի պէս կերիկոր։

— Սանկ թեթև բերտահ մ՚ընեմ ու երեսդ անուշահոտ քացախով լուամ նէ, կանցնի, բան չմնար։