Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/22

Այս էջը սրբագրված է

— 19 —


— Չեմ ռւզեր բերտահ, չեմ ուզեր, լմնցուր։

— Առանց բերտահի չըլլար։

— Ճանըմ գլուխն ի՞մս չէ մի։

— Գլուխդ քուկդ է, բայց ամեն խանութ պատիւ մ՚ունի, ածիլուելու մազեր կան տակաւին երեսիդ վրայ ասդին անդին։ Ասանկ ձգելն մեզի անպատուութիւն է։ Դուն սանկ դիր գլուխդ և հանգիստ եղիր։

— Պէ ճանըմ զօրով զիս տանջե՞լ կուզես։ Ի՞նչ ըսել է աս, ես քու խաղալի՞կդ եմ, պատիւդ պաշտպանելու համար իմ երե՞սս ընտրեցիր ասպարէզ, դահիճի պէս գլուխս տնկռւեր կեցեր ես։

— Բարկացած կերեւաք կոր, անոր համար չեմ ուզեր պատասխանել. միայն կաղաչեմ որ քիչ մը համբերէք ու լմնցնենք սա գործը։

Սափրիչը կը յաջողի նստեցնել Գասպար աղան որ գլուխն սափրիչին տրամադրութեանը տակ դրած անոր ածելիին քերթուածներուն վանկերը կը համրէ ակռաները սխմելով։ Բայց վերջապէս համբերութիւնը կը հատնի և յանկարծ աթոռէն կը ցատկէ․

— Հերիք պէ մարդ, հերիք, արեան մէջ ձգեցիր երեսս ըսելով։

* * *

Մելքոն աղան՝ խոնջած ցերեկուան աշխատութիւններէն կարողութիւն չունի հետիոտն երթալ տուն, Սամաթիա, ուստի կորոշէ թրամվէյով երթալ և ինքզինքը կը նետէ թրամվէյի կառքին մէջ ուր մէկ մարդու համար տեղ մնացած էր