— 20 —
միայն։ Հազիւ կը նստի Մելքոն աղան եւ ահա միջին հասակով գիրուկ անձ մը կը մանէ կառքն և Մելքոն աղան տեսնելով՝
— Շատ աւրախ եմ, կ՚ըսէ , ձեզի հռս տեսնելուս համար։
— Ես ալ նոյնպէս , կը պատասխանէ Մելքոն աղան։
— Զեզի խօսելիք ունիմ, բայց նախ և առաջ կրնա՞ք արդեօք ինծի ալ ձեր քովն առնել, սանկ քիչ մը իլիշմիշ ըլլամ, սանկ պզտիկ տեղ մը բանաք նէ՝ բաւական է ինծի համար, ես կրնամ սղմիլ, արդէն պզտիկ մարդ մըն եմ։
Մելքոն աղան իր բարեկամին տեղ շինելու համար ասդին կը դառնայ անդին կը դառնայ, աջ ծունկը ձախին վրայ կը դնէ, պզտիկնալու կը ջանայ։ Մելքոն աղային այս ճգանց միջոցին բարեկամն՝
— Ահ, ինքզինքդ ինձի համար անհանզիստ մի՛ ըներ, ես կրնամ հոո սղմիլ, կ՚ըսէ ու որպէս թէ տեղ գտած է, Մելքոն աղային ծունկին վրայ կը նստի։
— Անհանգիստ չըլլաք․․․։
— Ամենեւին, ամենեւին, դուք ձեր հանգիստը նայեցէք, կարծեմ թէ ձեզի քիչ մը անհանգիստ ըրի։
— Ոչ։
— Ձմեռ է հիմայ, սըխ նստինք նէ՝ կը տաքնանք։