Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/25

Այս էջը սրբագրված է

— 22 —

մըն է, ասանկ երեսի վրայ ձգուելու խնդիրներէն չէ։

Եւ Մելքոն աղային թեւը կը քաշէ ուժով որպէս զի անոր զգացնէ խնդրին կարեւորութիւնը։

— Այնպէս է, կը պատասխանէ, Մեչքոն աղան։

— Եղբայր, մեր ազգին մէջ այս բանին կարեւորութիւն տուող չկայ, կը յարէ բարեկամն, ոտքերովն Մելքոն աղային ոտքերուն զարնելով։

— Կը հասկնամ կոր աղբար, կը հասկնամ կոր։

— Այնպէս որ թրախօմա տալու կարողութիւն չունեցաղ խեղճ աղջիկները տունը մնալու կստիպուին կոր․․․ աս ի՞նչ սարսափելի բան է աղբար, չպատասխանե՞ս․․․։

— Ի՞նչ պատասխանեմ․․․

— Մահու և կենաց խնդիր մըն է աս։

Բարեկամն ամէն խօսելուն կամ ձեռքովը Մելքոն աղային կուրծքին կը զարնէ կամ ոտքովը անոր ոտքերուն վրայ կը կոխէ կամ անդին կը հրէ կամ ասդին կը քաշէ։ Խօսք հասկցնելու այս եղանակ հազուադէպ չէ մեր ազգին մէջ։ Տեսակ մը պերճախօսութիւն որ ունկնդիրները ծեծելու վրայ կը կայանայ։

— Իրաւունք ունիս, ճանըմ, բայց ես ի՞նչ ընեմ։ Ըսածդ կը հասկնամ կոր։

— Կը հասկնաս կոր բայց անտարբեր կը կենաս կոր պապամ, կ՚ըսէ Գասպար աղան և Մելքոն ադայէն թեւն ուժով կը սխմէ։