Էջ:Քաղաքավարութեան վնասները.djvu/29

Այս էջը սրբագրված է

— 26 —


— Հա՛, հա՛, կը մտնայ կոր․․․

— Քիչ մըն ալ համբերութիւն․․․

— Քիչ մըն ալ հաստատամտութիւն․․․

— 0՛ն քաջալերուէ՛․․․

— Վայ, վայ, վայ․․․

— Քիչ մը դիմացիր, էֆէնտիմ․․․

— Անգամ մը մտնայ նէ՝․․․

— Ոտքդ կտրէին նէ՝ աւելի՞ աղէկ էր․․․

— Հա, հա, քիչ մնաց․․․

— Քիչ մըն ալ ճահտ ընես նէ՝ կը լմնայ կ՚երթայ։

— Յոգնեցար նէ քիչ մը յոգնութիւն առ տէ․․․

— Չեմ ուզեր պէ ատամ թող տուէք հանեմ, ճիյէրս սըղլամիշ կ՚ըլլայ կոր․․․

— Բան մը չէ, կ՚անցնի։

— Հարիւր անգամ ալ ապսպրեցի, որ ես մօտա չեմ ուզեր, ոտքերուս հանգստութիւնը կ՚ուզեմ․․․ — Կոխէ՛ ոտքդ․․․

— Ի՞նչպես կոխեմ ճանըմ․ չէ՞ք հասկնար կոր որ ոտքերս կերին կոր, կարծես թէ կրակի մէջ կոխած եմ… թո՛ղ տուէք, աստուածնիդ սիրէք, սա ի՞նչ խօսք չհասկցող մարդոց հանդիպեցանք։

— Քիչ մ’ալ ղայրէթ ըրէ՛, էֆենտի։

— Ղայրէթնիդ ալ գետնին տակը անցնի, կօշիկնիդ ալ․․․ թո՛ղ տուէք ոտքս, վազ անցայ։

— Բարկանալու իրաւունք չունիք, Սեդրակ աղա։