— 28 —
— Շնորհակալ եմ։ Մեզի մի՛ մոռնաք, Սեդրաք աղա։
Սեդրաք աղան այդ կոշիկներով դուրս կ՚ելնէ կոշկակարի խանութէն, նասըրներու ցաւէն ամէն քայլափոխին հառաչելով երբեմն ալ արտասուելով։ Կ՚զգայ վերջապէս, թէ չպիտի կրնայ շարունակել ճամբան, զբօսարան մը կը մտնէ, բազմոցի վրայ կը նստի և կոշիկները հանել կ՚ուզէ։ Չյաջողի։ Սրճարանին սպասաւորը կը կանչէ և կ՚աղաչէ որ կոշիկներն քաշէ։ Սպասաւորը բոլոր ուժը կը սպառէ, կարելի չէ կոշիկները հանել։ Իմաց կը տրուի կոշկակարին որ քալֆային ընկերակցութեամբ կը հասնի ու մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի ազատել Սեդրաք աղան իր ոտքերուն ձեռքէն։ Սեդրաք աղան կը հագնի հին կոշիկները զորս կոշկակարի խանութէն հետն առած էր, և կը հանգստանայ։
— Բնաւ սըխըյի չէք գար կոր Սեդրաք աղա, կ՚ըսէ կոշկակարը, ձեւաւոր և ճաշակաւոր բան մը հագնելու համար քիչ մը ակռան սխմելու է մարդս․ ինչ որ է տուէք սա կոշիկներն ինծի, վաղը ես զանոնք աղուոր խալըպի մը զարնեմ տէ ղրկեմ ձեզի։
— Շատ աղէկ, կը պատասխանէ Սեդրաք աղան ու խահուէ մը խմելուն պէս կը մեկնի։
Հետեւեալ օրը Սեդրաք աղան շուկայ կ՚երթայ, ապայէ լափճին մը ու լաստիկ մը կը գնէ, կը հագնի ու գործին կ՚երթայ։