— 29 —
Դիտողութիւնները կ՚սկսին։
— Սա Սեդրաք աղան շատ թօհաֆ մարդ է։
— Ապտալ, պարզապէս։
— Տիվանէ ըսէք սըւոր երթայ։
— Ես ալ տեսայ ապա լաբճին մը անցուցեր է ոտքը վրան ալ լաստիկ հագեր է․․․
— Խայտառակութիւն է։
— Ի՛նչ մեղքս պահեմ, հետը պտտելու կամչնամ կոր
— Թող գիւղ մը երթայ նստի, էֆենտիմ։
— Ատ ոտքերով ընկերութեանց մէջ մտնել կարելի չէ։
Այս դիտողութիւններն Սեդրաք աղային ականջը կը հասնին։ Սեդրաք աղան կը համոզուի, թէ քաղաքավարութիւնը չհակառակիր նասըրի, բայց սարսափելի թշնամի է ապա լաբճինի։ Սեդրաք աղան կ՚ստիպուի հանել լաբճինները և ընդունիլ մօտայի համաձայն կոշիկներն ու անոր հարուածներն։
Ծնունդի կամ Զատկի առթիւ բարեկամաց և ազգականաց այցելութիւններ կ՚ընդունիք։
Շատ անգամ կը պատահի որ երեք կամ աւելի անձանց այցելութիւններն միանգամայն ընդունիք։
Սովորութիւն ունինք ասոնց խախուէ կամ անուշ կամ օշարակ կամ օղի հրամցնել։
Տանն աղջիկն ափսէ ի ձեռին կը մտնէ սենեակը։