ԻՆՔՆԱԿԵՆՍԱԳՐՈԻԹԻԻՆ
Ալեք Գլըճեանի
Ծնած եմ 1900 Դեկտեմբեր 20ին, Չորք Մարզպանի Օճագլը գիւղը․ կէս հայ կէս թիւրք գիւղ մը՝ Ատանայի նահանգ, Թուրքիա։ Մեր սերտած պատմութեան գիրքերուն վկայութեամբ՝ Ցանկալի Կիլիկիա։
Հօրս անուը Եսայի,- գիւղական յորջորջումով՝ Այսէ Էֆէնտի - մօրս անունը Թագուհի (Կէպենի Գըզը): Հայրս երկայնահասակ, ջղուտ,թխորակ դէմքով ու անսովորօրէն պարկեշտ եւ ուղղամիտ մարդ մըն էր․ մայրս՝ կապուտաչուի, ձիւնասպիտակ մորթով, հաստաբուն եւ խորապէս բարեպաշտ կին մը: Իրենց ամուսնական անկողինը եղած էր խիստ բարեբեր դաշտ մը, լիառատ բերքով։ Պտղաբերութեան աստուածները տասներկու անգամ լեցուցեր էին մօրս կողերը։ Բանակատեղի մըն էր մեր տունը, համաչափ բաժանմունքներով,- վեց տղայ, վեց աղջիկ։ Վաշտին 10րդ հերթապահն էի ես։
Ատանայի ջարդին՝ ծնողքս կը փոխադրուի Չորք Մարզպան, Ալեքսանդրէթի ծովախորշին դիմաց զուտ
10