Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/12

Այս էջը սրբագրված է

ճամբան կը բռնենք 1915ի Ապրիլին։ Կը քշուինք դէպի Հալէպ, Սուրիա, յետոյ անապատ՝ տեղ մը՝ Հոմսի եւ Դամասկոսի մէջտեղ։ Սակաւաթիւ վերապրողներուն մէջն եմ ես ալ։

1918ին, Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի Զինադադարէն ետք, ընտանիքէս երկու հոգի միայն՝ փոքր եղբայրս եւ ես կը վերադառնանք մեր կիսաւեր տունը, Տէօրթ-Եօլ։ Դպրոցները կը վերաբացուին․ կը վերսկսիմ ուսումս՝ կարելի խոստումներով:

Ֆրանսական գրաւումով Կիլիկիոյ․ հայ–լեգէոնական խանդավառութիւններ․ Հայ-Թրքական բախումներ․ Կիլիկեան երազ․․․ եւ ի վերջոյ եղերական քայքայում։ Կռուի, սպանութեանց, փոխվրէժի մչտական թատրոն մը ամէնուրեք, եւ դպրոցական չրջանաւարտութեան վկայական մը կը տրուի ինծի։

Վառօդի հոտ կու գար անկէ։

1920 ի վերջերը, 1921 ի սկիզբը, նոր «գաղԹ» մը ինծի համար։

Կը մեկնէի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Կ՚արձանագրուիմ Ամէրիքըն Ինթըրնէչընըլ Քոլէճ Օֆ Սբրինկֆիլտ-ի մօտ իբրեւ ուսանող։ Նիւթական պայմաններու ճնշումին տակ կիսաւարտ, կը հաստատուիմ Լօվէչ, Մէս․ 1917 էն հոն բնակող մեծ եղբօրս քով։ Տաժանագին առօրեայ․ կ՚աշխատիմ օրապահիկ մը ճարել, երեկոները հետեւելով գիչերային դպրոցական դասընթացքներուն։

Շրջանաւարտ վերջապէս։

1926ին կու գամ Նիւ Եորք։ Կը մխրճուիմ ազգային, կուսակցական-հասարակական կեանքին մէջ։ Գործի, պաշտօնի նախասիրութիւններ կան։ Կ՚երթամ այնտեղ


12