Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/13

Այս էջը սրբագրված է

ուր դոյզն աշխատանք մը կայ տանելիք: Յետոյ ամուսնութիւն, զաւակներ, բայց միշտ տեւական ճիգ` ինքնազարգացման ուղիով։

Վախով ու վարանքով գրական փորձեր կը կատարեմ «Պայքար» օրաթերթին մեջ: Ի՜նչ հրճուանք` կ՚ընդունուիմ: Քաջալերական տողեր կը ստանամ խմբագրութենէն: Եւ տակաւ` կը փնտռուիմ։ Օր մըն ալ թերթին «խօսք եւ խոհք» սիւնակը նորայայտ գրողի մը գիւտը կը յայտարարէ: Ընթերցողներու սիրտին ու միտքին խօսող անծանօթ․․․ բանաստեղծ մը կար մէջտեղ:

Քիչ վերջ` կարգ մը գրասէր տղոց հետ («Նոր Գիր»ի տղաք) Նոր Գիր գրական սիւնակը պիտի հաստատէինք հասնելու համար Նոր Գիր ամսագիրը հրատարակելու յանդգնութեան: Այգ շարժումին տղոցմէ ոմանք ամերիկահայ ճանչցուած հեղինակներ պիտի դառնային շատ շուտով։

Իմ տո՞ւրքս. Երգեր Ուրացման եւ Զղջումի-ն է։ Յակոբ Օշականի որակումով,- «Ան որ երգած Է այդ կապարի պէս ծանր ու տրտում, գորշ երգերը, գեղեցիկ անծանօթ մըն է, մերկ ու մատաղ արձան մը, առանց արձանագրութեան ու պսակի: Պատմութիւնը քիչ անգամ բեռ չէ»:

1939ին վերստին «գաղթ». տեղափոխութիւն Գալիֆորնիա: Գործաւորական կեանքի սպառումներն ու անստուգութիւնը կը ստիպեն զիս որոնելու ապրուստի նոր դաշտեր։ Յառաջացող տարիքը անապահով կայանի մը հեռաւոր ուրուագիծը կը նշմարէ արդէն: Կը փորձեմ կալուածային առեւտուրի շուկան առանց աղմուկի, առանց հանրային ուշադրութիւն


13