Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/15

Այս էջը սրբագրված է

Ու դաժան այդ կեանքին փորձառութեամբը կռանուած բանաստեղծը կ՚երգէ այսպէս.-

Աչքն՝ աոանց լոյսի, բաց վէրք մ՚է,- աչք չէ՛.
Սիրտն՝ աոանց յոյզի, պա՛րկ մ՚է լոկ,-սիրտ չէ.
Գանկն՝ աոանց լոյսի, յոյզի ողողման
Թանձրացած ժահրի երկինք մ՚է,- գանկ չէ.

Ու մարդն ապերախտ՝ ամուլ ու խոպան
Աստծու մը սերմին տականքն է,- մարդ չէ։


Իսկապէս կապարէ խօսքեր, որոնք ծնունդն են ոչ թէ գրողին ուղեղին մէջ ծնունդ առած յոռետեսութեան մը, այլ ծնունդն են կեանքին պարտադրած պայմաններուն երբ մարդ արարածը իր վատչուեր արարքներով կ՚իջնէ անասունէն շատ աւելի վար տեղ մը։

«Վշտի Սափորէն»։ Քանի որ.-
Մարդն հո՜ն մարդուն դէմ գայլ եղաւ,– ինչո՞ւ.
Գիւղն որ ինձ սնոյց մոոցա՜ւ զիս,– ինչո՞ւ.
Ծաղկայեռ ճամբէն կոյր անցայ,– ինչո՞ւ.


Ասոնք այն սերունդի տղաքն են որոնք մանկութիւն չունեցան։

Յաջորդ «Թողութիւն» բանաստեղծութեամբ, բանաստեղծը գիտնալով որ Քրիստոս իր մօտ խաչեալ աւազակին ներեց, ներում կը խնդրէ այն հողէն զոր ինք լքեց ակամայ, քանի որ.

Հիմա զղջումիս հունտն հազար բուրեան
Գարուն է հագեր․դառնա՜ր ծլարձակ
Նոր շունչ, նոր հաւատք, նոր երգ կուրծքիս տակ...


15