Սակայն հակառակ նոր շունչ, նոր հաւատք, նոր երգ տալու, իր խոստումին, բանաստեղծին հոգին կը ճենճերի հայրենախտի հիւանդութեամբ երբ այսպէս կը գրէ հայրենի հողը նկատի ունենալով.
|
Տառապանքով մեծցաւ այս սերունդը մինչեւ որ
տասնամեակներ ետք հասաւ նիւթական ապահովութեան
միայն. այլ երբեք չհասաւ հոգեկան այն անդորրին
զոր կրնար ունենալ լոկ հայրենի հողին վրայ:
Եղեռնի սերունդը պիտի տար իր ապրումները, հայրենի եզերքը կորսնցուցած մարդու, հարազատներ անգերեզման թողած մարդու իր ապրումները, իր ապրած ժամանակին վկայութիւնը վերջապէս. ահա թէ ինչո՛ւ, Գլըճեանի քերթողագիրքը վկայարանն է ոչ միայն իր, այլ իր սերունդին։
Եւ տարագիր բանաստեղծը, որ հայր է այլեւս, ունի պատգամ մը տալիք իր զաւակին.- «Տղաս,Չուրանաս» քերթուածին տողերովը.
|
16