Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/18

Այս էջը սրբագրված է

Ամէն քերթուածի մեջ տրոփողը ոչ միայն բանաստեղծին սիրտն է, այլ անմեռ սիրտ՝ հայրենիքն է որ կը տրոփէ.- «Ըլլայի» քերթուածով.–

Խրախճանք ձե՛զի, հոգեհմայ
Վանայ լճի կուրծքին վրայ
Պարող ձկանց ես ըլլայ՜,
Ծափն ըլայի։

Գրողին մտածումներուն զենիթին վրայ կը փողփողող կը գտնէք ծիածանը հայրենադարձութեան. զի այդ է միակ ու վերջնակա՜ն, արմատակա՛ն լուծումը հայ մնալու, հայ ապրելու, հայօրէն ստեղծագործելու, անկարելիէն կարելիին անցնելու միջոցը, որ ահա կը ներկայացուի «Ողջերթ» բանաստեղծութեամբ.-

Եղբայրական համբոյրներուս ի խնդիր,
Վերջին անգամ բեր սա ճակատդ խոնարհ,
Եւ շրթներէս երգ մը փրցուր ու հոն դի՛ր,֊
Հազա՜ր բարի ճանապարհ։


Քերթուածէ - քերթուած բանաստեղծը մրրկող ցաւը ոչ թէ կը նուազի այլ կը դառնայ բոցալեզու, հրկիզող. կրակ մը սակայն որ կը յիշեցնէ անկէզ մորենին, ու այդ ցաւը երկրի ցաւն է, կորուած երկրի մը ցաւը, որ օտարութեան խորթ քամիներէն կը դառնայ անմար կրակ «Երկրի Սէր - Վերջին Սէր» քերթուածին մէջ.-

Բայց դուն ի՞նչպէս մտար իր մէջ, ցեղիս ձայն,
-Դո՛ւն անողոք երկրի՜ սէր.
Կենաքն համօրէն յափրացում է,– դո՛ւն միայն
Չի լեցուեցա՜ր, երկրի՛ սէր։


18