Բայց այս մորմոքումը աւելի պիտի սաստկանայ «Լսէ՛, Հո՛ղ» բանաստեղծութեան մեջ, ուր պիտի կարդանք.–
|
Ցաւի գերագոյն աղաղակն է: Բանաստեղծը երկխօսութեան նստած է հողին հետ բայց այս անգամ հողին վրայ, երբ Գլըճեանը Անդրանիկ Անդրէասեանին հետ հրաւէրով մը գացած էր Երեւան, 1935ին, հոն վայելելով մտերմութիւնը Չարենցին ու Մահարիին եւ այդ սերունդի տղոց, որոնք իրեն պէս ջարդ տեսած հայեր էին, բայց ունեցած էին բախտաւորութիւնը հողին վրայ մնալու... թէեւ քիչ անց այդ խումբէն ոմանք պիտի մահով վճարէին իրենց հայրենասիրութեան յորդազեղ պաշտամունքը զոհը դառնալով 1937ի անբացատրելի նախճիրը ժահրահիւսող մողոքին...
Նոյն թուականին գրուած քերթուած մըն է «Թուղթ Պարսաւանքի»ն, բայց միթէ բանաստեղծը կրնայ գրել պարսաւանք պարունակող տողեր, երբ ինք կոչուած է երգելու սէր եւ ինչ որ ծնունդն է սիրոյ, երգելու կենսաբաշխ ճառագայթները արեւին, դայլայլը թռչուններուն, ալիքուիլը ծիածանագոյն թիթեռներուն, գլգլանքը ջուրերուն, համերգը անտառներու եւ մայրութիւնը հողին...
Այո՛, բանաստեղծը ունի պարսաւ միայն անոնց դէմ որոնք ժողովուրդ մը ամբողջ դարձուցին գաղթական... ահա իր խօսքը.–
|
19