Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/20

Այս էջը սրբագրված է

Արեւն՝ հսկուն, կուրցած, հին
Աստծու մ’աչքն ըլլար։

Հողին վրայ երգող բանաստեղծը՝ Յովհաննէս Շիրազ, տեղ մը գրած Է. —

Նոր կեանք մտնող երեխու պէս
Ոչ մի րոպէ մահ չսպասել...

Իսկ օտար ափերու վրայ ինկած հայ բանաստեղծը ահա կը գրէ իր «Տապանագիր»ը.

Հաւատքըս խախտած որո՞ւն «Տէր» կանչեմ.
Կինը անհաղորդ որո՞ւն «Սէր» կանչեմ.
Հացն օրէնք դարձած երբ զիս կը քանդէ,
Կեանքը անբեւեռ զուրկ լույս ու խանդէ,
Ըսէ՛ք, ալ ի՞նչպէս «Երգէ, սի՛րտ» կանչեմ,-
Այս կուրծքն ալեծուփ ո՞ւր տանիմ զարնեմ...

Բոլոր դարերուն ողբ մը, եղերերգութիւն մը եկած է որպէս մեղու խայթել շրթները մեր բանաստեղծներուն եւ անոնք լալագին երգած են իրենց տխուր օրը զոր «ճակատագիր» կոչած են։ Ու՞ր է այն ուժը որ պիտի խեղդէ այդ «ճակատագիր»ը, որ այլեւս ողբի ու եղերերգութեան տեղակ մեր քնարերգութիւնը երգէ դաշնալար մեղեդիներ որոնք սէրով սէրը կը բազմապատկեն։

Գրիգորիս կաթողիկոս Աղթամարցին անգամ (1485-1544) ունի գանգատ ու ողբ իր շրթներուն երբ կը գրէ իր «Տաղ ի Վերայ Նորաշէն Տուն եւ Այգի Ունեցողի եւ Լալու» քերթուածը.-

Հընձան եմ շիներ այգոյս,
Կարաս եմ թաղեր գինոյս,
Դեռ չեմ խմեր ի գինոյս,


20