Կ՚ասեն, թ՚Արե՛կ, ե՛լ այգոյս.-
Այս իմ նորատունկ այգոյս։
|
|
Նույն ցաւը ունի 16րդ դարէն եկող Յովհաննէս
Մշեցին, որ իր «Տաղ Վասն Հայոց Երկրի» քերթուածին
մեջ կը գրէ.-
Մեռան թագաորքն մեր եւ իշխանք երկրիս ամենայն,
Թողին անհովիւ ըզմեզ, տիրեցին մեզ գայլք եւ
{{Աջաթև|գազան։
|
|
Նոյն եղերերգութեան կը հանդիպինք Ատեփանոս
Թոխաթցիին մօտ (1558-1630) եւ բոլոր-բոլորին մօտ
Խորենացիէն մինչեւ Շնորհալի, մինչեւ մեր օրերը։
Գլըճեանը ինչպէ՞ս չերգեր նոյն ողբը, որ իր օրերէն
կու գար, որ տարագրութենէն ու նախճիրէն կու
գար որպէսզի,ինք տարատունկը ծառ, իր պտուղները
իյնային օտար հողերու վրայ ու ինք ապրէր ոչ միայն
օտար հողի մէջ թաղուելու տխուր մտածումը ու
գըրէր իր տխուր «Տապանագիր»ը, այլ մտածէր նաեւ
այնքան դառնօրէն, իրմէ սերած տոհմածաուի
պտուղներուն կորուստին ցաւին մասին․․․
Բանաստեղծին յոյզերը առագաստ կը բանան
դէպի իր հոգեկան անպարագիծ ջուրերը եւ ահա կը
ծնի նոր երգ մը` «Ինչ է Հոգին».-
Ի՞նչ է հոգին, մարդու հոգին, ի՛մ հոգին.
Միսէս անջատ՝ անո՛վ սնած Աստուա՞ծ մ՚է,
Զիս ուսերուն երկնէ երկի՜նք կը ճեմէ։
|
|
Կը յաջորդեն այլ բանաստեղծութիւնն եր ու կը
հասնինք՝ «Քերթողին Համար Երգն Իր Պսակն է» երգին,
ուր կը կարդանք.-
-Քեզի ո՛չ մէկ փունջ,- քերթողին համար
Երգն իր պսակն է. ու երգի սնո՛ւնդ՝
|
|