Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/23

Այս էջը սրբագրված է

Բանաստեղծը «Իմաստութեան Ձայն» կը կոչէ հօրը մէկ պատգամը ուր ըսուած է․-

«Զգո՜յշ, որդիս, երբ գայ մէկը որուն դուն
Աներկեւան կրնաս ընդմիշտ վստահիլ
Կինդ ու քըսակդ․ ու հոծ կռուի դաշտերուն՝

Յանձնել իրեն՝ վահանն եղող կեանքիդ բիլ՝
Ձիդ ու զէնքըդ,- գիտցի՜ր թէ ան կարմրարիւն
Բարեկա՛մդ է, Մարդն՝ Աստծո՛ւ պէս, անմագիլ»։


Որքա՛ն ճիշդ փորձառութենէ մը ծնած է բանաստեղծին հօրը այս պատգամը որուն քիչ անգամ կը հանդիպինք մեր օրերուն երբ մարդը դարձած է անկուշտ անասուն։

«Ապաշաւ» քերթուածը կու տայ մտորումները ծերացած աղջիկի մը․-

Ստինքներըս թարշամէին գիծ աո գիծ՝
Վարդի մը պէս,
Թաթերուն մէջ լաճի մ՚անկուշտ,- անկսկիծ
հատնէի ես
Կողերուս խորն ապրած երկունքը լըման
Սուրբ, անսահման
Մայրութեան...


Դարերէ ի վեր անլուծելի մնացած հարց մը այս եւս երբ անպսակ աղջիկներու կը զլացուի մայրանալու հրաշքը։ Արեւմուտքը այս հարցը լուծած ըլլալ կը թուի մասամբ, բայց հիմնականին մէջ քիչ մը ամէն տեղ ու մանաւանդ հին աշխարհ կոչուող ցամաքին վրայ անպսակ ու մայրանալ տենչացող բիւրաւոր աղջիկներ


23