Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/25

Այս էջը սրբագրված է

Ու քիչ մը աւելի վարը․-

Գալիք երգերու գուսանն անանուն
Տո՜ւր քեզ, հայրենիք, դափնի մ’ասմազուն։

Բարի-ո՛յս, երկի՛ր, բարով Նոր-Տարի,
Հողիդ մէջ անմար արեւ ամբարի։


Միշտ ու միշտ սէր երգէ Գլըճեանը թէ զաւակ ու թոռ, տիրականը հայրենիքն է։ Իր կեանքին «վերաքաղ»ը ընող բանաստեղծը գիտէ թէ․-

Երբ հոգին, հնո՜ց, եռեփ գայ անղեկ,
Ի՛նչ ընեմ ես ձեզ,– գիտեմ՝ դիւրաբեկ
Փայտով չեն դարբներ երկաթն ատրաշէկ։


«Յաղագս Մատռւցման» բանաստեղծութեամբ Գլըճեանը խորհուրդ կու տայ․-

Ձայն տուր, լա՜յն տուր․-
Մութը պատռող զերթ ճաճանչ՝
Երբ սի՛րտն յորդի՜... բարձրալանջ՝
Կեանքին ե՛րգ տուր։


Իսկ «կայթատօն» երգով Ջանգու գետը կը գովերգէ.

Զանգո՜ւն է, Զանգո՚ւն, կախուած Սեւանի

երկնահուպ շուրթէն

կ’օրօրուի դարվար,
Մարմինը քափուր որպէս հոլանի աղջի՛կ լուսագէս.
Ու դէմն՝ համօ՛րէն,
Ծմակ ու ծործոր, սար ու սարաւանդ հմայքին իր վառ


25