Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/26

Այս էջը սրբագրված է

կ՚արբենան կարծես։
Զանգո՜ւն է, Զանգո՜ւն՝ Սեւանի արծաթ կոնքին

մէջ մութին


Լոգցող աստղերուն
Ջինջ ու լուսաբիբ աչքերը գաղցած տնօրհնէք

կ՚երթայ․․․


Կ՚երթա՜յ, ու հետքին՝
Ամէն գոմ, խրճիթ, տուն ու անդաստան աւարով

յղփուն


Կայթատօ՜ն հիմա։

Իսկ յանկարծ «Կայթատօն»էն ետք ցատք մը դէպի Նոր Աշխարհ։ «Նպաստ»ը քերթուածով ուր․-Menogotjob, boss...

-one ofmillions

Բանաստեղծը ատրաշէկ բառերով կ՚արձանագրէ․

Կ՚ատեմ քեզ, հա՛ց․․․։ Վարձն անաշխատ ամէն
փշրանք կոկորդս ի վար
Գինն է մտքիս լլկումին։


Թափանցիկ է պատկերը։ Խօսքը կը վերաբերի անոնց, որոնք պետութեան «տուած» հացով սնանիլ ստիպուած են որպէս անգործ բանուորներ։ Կը բարձրանայ ալիքը բանաստեղծի զայրոյթին «Կշռելէն Վերջ» բանաստեղծութեան մէջ.-

Կը խորտակուի՜ս. Կը խորտակուի՜, բիրտ դուն ո՛վ կարգ, դուն որ գահեր կը կերտես. Արդարութեան նըժարին մէջ չիկայ տընանկ, հարուստ վէս.


{Կենտրոն|26