Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/33

Այս էջը սրբագրված է

այլ տոկուն բանաստեղծութիւնը ընդունելու համար սրտագին ողջոյններ արձակեցին, ի լուր միւս դրացիներուն»:

Օշականի վերլուծումին մօտ, վկայութիւն մըն է այս մէկը։

Մեծ քննադատին խօսքը եթէ տուինք գրեթէ ամբողջութեամբ, այդ կը բխէր անոր մօտեցումի եղանակին ուժականութենէն։

3․- Արշակ Չօպանեանը իր «Անահիտ»ին 8րդ տարի 1938 Յունուար - Ապրիլի թիւին մէջ «Ինքնադրոշմ Քնարին Բանաստեղծը խորագիրին տակ ի մէջ այլոց գրած է․

«Գլըճեանի հաւաքածոն ալ ունի տկար էջեր, բայց ան կը պարունակէ տողեր, հակիրճ, ջղուտ, արու ոճով մը դարբնուած եւ որոնք, մասամբ անձնական կեանքի յուզմունքներէն թելադրուածդ մեծ մասամբ՝ հայ ցեղային ճակատագրին սարսուռովը տոգորուած, ինքնուրոյն անհատականութիւն մը եւ իրական քերթողի խառնուածք մը կը յայտնեն»։

Գլըճեան բանաստեղծին առաջին գիրքին մասին շատեր գրած են․- Սամուէլ Յ․ Թումայեան, Յովհան- նէս Աւագեան, Շահէ Տատուրեան, Հենրիկ Անասեան եւ այլք․ մենք գոհացանք վերի երեք անուններով անցնելու համար բանաստեղծին երկրորդ գիրքին հրատարակութեան պատմութեան։


33