Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/34

Այս էջը սրբագրված է

ԳԻՐՔ ԵՐԿՐՈՐԴ՝

Կենտրոն|ԵՐԳԵՐ ՀՈՂԻ ԵՒ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ

Ըսած եղանք որ տաս- նամեակներ շարունակ մեր նամակները ուղղուած Ալեք Գլըճեանին, մնացին անպատասխան։

Ու ահա 1980 թուականին մեկնելով Ամերիկա եւ երկու օրով գտնուելով Լոս Անճելըս, մեր առաջին, մտածումը եղաւ գտնել Ա․ ԱնդրԷասեանը եւ խնդրել իրմէ, որ մեզի ներկայացնէ իր կնքահայր՝ բանաստեղծ Ալեք Գլըճեանը։

Եղբայրական էր մեր հանդիպումը խօսուն գիրկընդխառնումով։

Տարօրէն յուզուած էր Գլըճեանը երբ Անդըրէասեանը մեզ իր կնքահօր ներկայացնելով կ՚ըսէր․- Ահա տասնամեակներու թշնամիդ, քեզ հալածողը․․․

Իսկ Գլըճեանը կը պատասխանէր․- Բայց ես թշնամի չունիմ․․․

Մենք, մեր կարգին տեսնելով բանաստեղծին յուզումը, կ՚ըսէինք․- Քանի այսքան յուզական մարդ էք, ինչպէ՞ս անպատասխան թողուցիք մեր նամակները․․․

Մեր ու Անդրէասեանի պնդումներուն դիմաց Գլըճեանը խոստացաւ մօտիկ ապագային, նոր երգերու


34