Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/35

Այս էջը սրբագրված է

յաւելումով մը պատրաստ ել էր երկրորդ գիրքը ԹԷ եւ կրկնելով թէ ինք բանաստեղծ չէ։

Ուրեմն, խոստումով վերացաւ մեր այնքան ցանկալի տեսակցութիւնը։

Մեր յաջորդ այցելութիւնը Ամերիկա, 1984ին էր։

Ահա այդ այցելութեամբ մենք պիտի ունենայինք այն թղթածրարը որուն բովանդակութեան հիման վրայ պիտի խմբագրէինք եւ լոյսին մատուցէինք Ալեք Գլրճեանի երկրորդ գործը, որ պիտի արժանանար Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հայկաշէն Ուզունեան մրցանակին։

Այստեղ աւելի լաւ Է որ տանք Գլըճեանի Բ․ Հատորին յառաջաբանը, որ մեր խօսքն Էր- <<Երկրորդ Ծնունդ>> խորադիրին տակ․

ԱյսպԷս վերնագրեցի յառաջաբանը, քանի որ լոյսին եկողը Ալեք Գլըճեանէ երկրորդ գիրքն է։

իր կենսագրութիւնը շարադրել չեմ ուզեր։ Գիրքին մէջ կայ անոյչ ձեւով տրուած՝ ինքնակենսագրական։

Միայն այսքանը պիտի ըսեմ, որ բանաստեղծ Ապրած Ալեք Գլըճեանը ծնած է Զորք Մարզպանի Օճախլը գիւղր դարասկզբին ել, քսան տարի ետք, հաստատուած Ամերիկա՝ որպէս վերապրող։

նիւ Եորքէ մէջ այն տղոցմէն է, որոնք կը հիմնեն ձՆոր հ*իր՝&ը եւ եռամսեայ այդ պարբերականին կու տան իրաւ Սիրական Հքարժումի մը բնոյթը։

Քիչ կը գրէ ք^այց գրածը կշիռ ունի։ Ընդհան– րապէս կը ստորագրէ բանաստեղծութիւններ> երբեմն արձակ։ Այս տեղ ճաշակ մը տալու համար, տրուած են նմուշներ նաեւ իր արձակէն։ 1938ին լոյս կը տեսնէ Ալեք հ՝լըճեանի առաջին գիրքը «Երդեր Ուրացման եւ Զղջումի»։ Այս գէրքով 35