Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/37

Այս էջը սրբագրված է

Պատասխանողը Անդրէասեանը եղաւ։ Ուրախութիւնս մեծ էր։ Ամբողջ դպրոցը կարդաց Ա. Անդրէասեանին ինծի հասցէագրած նամակը։ Օրուան հերոսն էի։ Սակայն տխուր էի նաեւ, քանի որ Անդրանիկը կը հաստատէր, թէ Ալեքսանդրը դադրած է գրելէ ու իմ խօսքերուս ի պատասխան ըսեր Է.- Երեխայ մըն է, կը մեծնայ ու կը հասկնայ, որ կարելի է նաեւ չգրել ինչ-ինչ պատճառներով:

կ՚երեւի խօսք հասկցող երեխայ չէի։ Տարիները անցան ու ես, ամէն առիթով պահանջս յիչեցուցի Ալեք Գլըճեանին: Սակայն, դարձեալ ու դարձեալ իրմէ ոչ մէկ պատասխան:

1963–1970րՆ ուսանող Էի Երեւանի մէջ: Այդտեղ, գեղեցիկ օր մը, հանդիպեցալ ամերիկահալ զբօսաշրջիկի մը։ Հետաքրքրուեցայ իրմով, ըսի թէ Ամերիկա գրող մը կայ, հայ բանաստեղծ մը, որուն գործերը շատ կը սիրեմ՝ քանիցս իրեն գրած ալ եմ, բայց ինք, իմ նամակներս ձգած է անպատասխան:

Նոր ծանօթս հետաքրրքրուեցաւ այդ բանաստեղծով։

- Ալեքսանդր Գլըճեանն Է,- ըսի:

- Վալ, տնաշէ՛ն, եղաւ պատասխանը,- Ալեքը եղբայրս է:

Եւ ես` իր եղբօրը հետ՝ Ալեքսանդրին ծրար մը նոր բողոր զրկեցի Լոս Անճելըս:

Կրկին տարիներ անցան: 1980 թուականին առիթը ունեցայ Միացեալ Նահանգներ ալցելելու: Երկու օրով եղայ Լոս Անճելըս։ Առաջին գործս եղաւ գտնել Անդըրէասեանն ու հանդիպիլ Ալե Գլըճեանին։

Ի՜նչ տեսնեմ, ութսունամեայ մարդ մը, որուն հազիւ երեսուն կու տաս, տակաւին աշխոյժ իր երգերուն պէս, այլ համե՜ստ, համե՜ստ, համե՜ստ:

37