Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/38

Այս էջը սրբագրված է

Մեր մոլորակին վրայ այսքան համեստ մա՞րդ։ Անկարելի՛ է։ Բայց կա՛յ, յանձինս Ալեք Գլըճեանի։

Երբ այդպէս, Անդրէասեաններու տունին մէջ իրարու հանդիպեցանք առաջին անգամ, առաջին անպատասխան մնացած նամակէս երեք ու կէս տասնամեակ ետք, Անդրէասեանն էր զիս իրեն ներկայացնողը․

- Ահա՛, ճանչցի՛ր, քեզ հալածող թշնամիդ՝ Թորոսը։

Ողջագուրուեցանք։ Մեր նիւթը գրականութիւնն էր։ Աւելի ճիշդը Գլըճեանի գրականութիւնը։

Անդրէասեան ու Գլըճեան, երկուքն ալ անցած որբութեան ճամբաներէն, երկուքն ալ նոյն գաղափարի դրօշին ծառայող ռամկավար ազատականներ, 1935 թուականին միասին Հայաստան այցելած հոգեղբայրներ են ու կը մնա՛ն։

Որքա՜ն ուրախացայ, երբ նոյն օրը լսեցի, թէ Անդրանիկին բազում պնդումներուն ընդառաջելով, Գլըճեանը, վերջին տարիներուն, վերադարձ մը կատարած է դէպի մեր գրականութիւնը։

Այդ օրը, Ալեքը նոր խոստումներ ալ ըրաւ։ Մեր ծանօթութիւնը ուրախ բաժանումի մը տեղի տուաւ։

Հալէպ հասնելէս ետք, գրաւոր նոր առաջարկներ ներկայացուցի։ Լուռ մնալը բանաստեղծին սովորութիւնն էր։ Չպատասխանեց։ Դարձեալ Անդրանէկն էր գրողը․- «Սկսած եմ, վերջին տարիներուն, մամուլէն հաւաքել իր ցիրուցան երգերը - կ՚երեւի գործը գլուխ պիտի ելլէ․․․»։

Բայց գեղեցիկ օր մը, Ալեք Գլըճեան կու գայ վաղեմի Ընկերոջ՝ Անդրանիկ Անդրէասեանի տունը, եւ ինչ որ Անդրանիկը ժողված էր իր հունձքէն, կ՚առնէ ու կը տանի ըսելով՝


38