Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/43

Այս էջը սրբագրված է

պէս միշտ, Գլըճեանական ոճով, որ կ՚առինքնէ ընթերցողը․

- Ամէն գիր, լեզու, ամէն պատմութիւն
Հողէն կը ծնի.
Հողին սէ՛րը լոկ կ՚ըլլայ կիրք, աւիւն
Եւ բերդն հայրենի։
- Արմատն հողէն դուրս ծառը չի ծաղկիր․․․


Այս քերթուածը գրուած է 1977 թուականին ու կը բնորոշէ բանաստեղծին վերադարձը մեր գրականութեան։

Կարդացէք «Յաղթերգ»ը ու եթէ կրնաք մի՛ խանդավառուիք.

Լքումին դէմ մարդո՛ց, երկնի՛, Աստըծո՛յն,
- Հազարամեայ հաւատքի մը վարձն ամուլ-
Ուժիդ վերջին կաթիլն ահա ծովամոյն՝
Յարնեց իբրեւ մարտիկ ցուլ։


Ամէն կանաչ ծառուղի մեզ չի՛ տանիր
Մեր երազին զմրուխտ կապած սարերուն.
Ա՛ն որ լքեց կասի ճամբան,- տխրալիր
Ինկաւ գերի մը կքուն։


Առանց հողի չկայ թի՛ւ, տո՛ւն, հայրենի՛ք․
Մարդն իր տունով է լոկ տանտէր․ հաստ կաղնին
Կը բարձրանայ արմատներով՝ զերթ կնիք
Իր ինքնութեան, համբաւին։


1981

Տրուած է «Խաչքար» մը ահա, առած ձեւը խաշին ուր․


43