Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/45

Այս էջը սրբագրված է

Երբ իմ տան պտղած Այգին կը վառի... Այլապէս մեզի ծանօթ նիւթերուն համար, Գլըճեանը միչտ ալ կը գտնէ ըսելու նոր ձեւեր, եւ մեզի ծանօթ նիւթը կը վերադառնայ բոլորիս իբրեւ նո՛ր, իր նորաձեւ հանդերձանքին մէջ։ Եթէ սէրը չէ ապրուած, «ողբ է չի՛ լսուիր» կ՚ըսէ բանաստեղծը ու կ՚աւելցնէ չապրուած սէրը՝ «մութին մէջ ստուեր՝ կը դառնայ, կ՚այրի»։ Բանաստեղծին համար ամէն բաժանում քիչ քիչ մեզ խամրող, մեռնիլը յուչող «մնաս բարով» Է։ Իր նոր գիրքերուն մէջ բանաստեղծը երգեր ունի նուիրուած Վարպետ Իսահակեանին ու Արծիւ Անդրանիկին։ Ամէն նիւթ բանաստեղծական կը դառնայ Գլըճեանի գրիչին տակ։ Այսպէս նաեւ «Տառ ՈԼ Գիծ»ի պարագային. Տառ ու գիծ՝ խոնարհ Վանկե՞ր են, նկուն, Ամէն տող, կերպար Անոնցմո՛վ կանգուն...

Մարդն երբ ստեղծեց Տառն ու գիծը սոսկ, Տուաւ ինքն իր մեծ Խոհին ձեւ ու հոսք։ Իսկ Վահան Թէքէեանին նուիրուած բանաստեղծութեան մը մէջ, Գլըճեանը կը գրէ. Երբ մթնեց աշխարհն ահով մ՚անողոք, Ու հայ տունն եղաւ մահուան քարանձաւ,

45