Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/46

Այս էջը սրբագրված է

Ու հայ տունն եղաւ մահուան քարանձաւ, Գրիչ ու քերթուած դարձան Սո՜ւր, Բողո՛ք... Քերթութեան աստուածն իր մէջ հայացաւ։ Ալեք Գլրճեան գրած է նաեւ քառեակներ ելլելով իր կեանքի փորձառութենէն։ Իրը Խայեամին հասնելու ճիգ մը չէ ոչ ալ Թումանեանին. իր խոՀերն են, ըսելու իր ձեւերը, միշտ փիլիսոփայական խոհի մը ընկերացող. Ինչո՞ւ ողբալ երբ վերջ չկա՜յ, Ո՛չ ծնելուն, ո՛չ այ մահուան. Գարնան ծաղկուն դէ՚մքը վկայ.- Եղանակներն եկան, անցան։

Երբ մենութեան շուքին ներքեւ Խորհուրդ դառնան ցաւ ու կնճիո, Մի՛ աղերսեր գութ, ցօղ, արեւ,– Երգելով գի՛ր տուր ու անցիր։ Այսպէս կ՚ընկալէ մահն ու կեանքը ու այդպէս ալ կ՚ապրի բանաստեղծը։ Ու վերջապէս բանաստեղծը զգալով կեանքին ժամանակաւոր ըլլալը, կը գրէ իր տապանագիրը, որ իր պարզութեան մէջ իմաստասիրութիւն կ՚արտաշնչէ. Ծնա՛յ,– գալս չիմացայ. Մահս ինչո՞ւ իմանամ։

Եկա՛յ,– հետս ի՞նչ բերի. Կ՚երթամ լքած ամէն բան։ Ու չարունակելով իր մտածումները, կեանքէն չբաժնուելու ներքին տենչանքով մը.

46