Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/5

Այս էջը սրբագրված է

ԳԻՐՔ ԱՌԱՋԻՆ՝

ԵՐԳԵՐ ՈԻՐԱՑՄԱՆ եւ ԶՂՋՈՒՄԻ

Այս օրերուն, Լոս Անճելըսի մէջ կը նշուի ծննդեան հարիւրամեակը բանաստեղծի մը, որ կ՚ապրի ու կը շնչէ ու ներշնչում կը պարգեւէ իր այցելուներուն։

Քիչ անգամ պատահած է հայոց տարեգրութեան մէջ, որ հայ բանաստեղծ մը հասնի տօնելու իր ծննդեան հարիւրամեակը։

Եթէ տասնեակ մը տարի առաջ այդ քիչերէն մէկը Եղիշէ Այվազեան բանաստեղծն էր, որ կնքեց իր մահկանացուն 103 տարեկանին, այսօր, երկրորդ ուրախալի բացառութիւնը Ալեք Գլըճեանն է։

Մեր առաջին հանդիպումը ապրող այս բանաստեղծին հետ տեղի ունեցաւ գիրքի ճամբով, 1944 թուականի Նոյեմբերին, Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան մատենադարանին մեջ, երբ օրուան մատենադարանապետը՝ ուսանող Զաւէն Կէօքճեան, մեր.- լաւ զոյգ մը գիրք տուր, հաճիս - խնդրանքին վրայ, երկարեց մեզի Անդրանիկ Անդրէասեանի «Սպիտակ Արդարութիւն» հատորն ու Ալեք Գլըրճեանի

5