Էջ:100 Ամեայ Ապրող Բանաստեղծը․ Ալեք Գլըճեան, Թորոս Թորանեան.djvu/50

Այս էջը սրբագրված է

իմաստը տրուածին որ կը բացայայտէ հեղինակին մտածումը, կեցուածքը, տեսակէտները ազգային, հասարակական ու գրական հարցերու շուրջ:

  Ահա այս գիրքին բ. մասին ա.- ենթաբաժինը, որ

կը կրէ Մտերիմ Զրոյցներ խորագիրը։

  Այս բաժնին առաջին գրութիւնը խորագրուած է

այսպէս։

  Խոհեր՝ Բառերու Շուքին Տակ.– խնդրեմ ըմբոշխնե–

ցէք գէթ մէկ մասը այս գրութեան:

  «Բառերը հոգի՛ են, եւ սէ՜ր։
  Սէր՝ գարնան ցօղաթուրմ առաւօտներու աչքերուն
                                           մէջ.
  Սէր՝ ծաղիկներուն արեւահամ շուրթերուն վրայ.
  Սէր՝ թռչուններու դայլայլին ու կտուցներուն թառած.
  Սէր՝ արտերու դալարին ծոցը, ջուրերու դդչիւնին
     հետ եւ ուռենիներու մեղմօրօր ճիւղերան վերեւ.


  Սէրը՝ ամէնուրեք.
  Համատարած հովուերգութիւն մըն է ան։
  Բաոերը հոգի՛ են, եւ սէ՜ր։
  Սէրը՝ մանաւանդ՝ կնոջ մը հմայքը մարդու տա-
     ռապանքին եւ երկնային սարսուռներուն շաղ–
                                կապող ծիածան։
  Բնութեան անվերծանելի, յաւերժական գաղտնիքն է
                                             այս։
  Տուայտանքի աղբիւր մը։
  Մեծ սէրերը տառապանքով կը ծնին՝ երկունքէն
  Բռնուած բառերուն պէս փոթորկուն»։


                     50